Ալիեւ Պաքուի, Երեւանի Եւ Թիֆլիսի Մասնակցութեամբ Եռակողմ Հարթակ Ստեղծել Կ՛առաջարկէ

10 de octubre de 2022

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կ՛առաջարկէ Պաքուի, Երեւանի եւ Թիֆլիսի մասնակցութեամբ եռակողմ հարթակ ստեղծել` Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու համար:

«Նովոսթի Կրուզիա» կը հաղորդէ, որ ան նախաձեռնութեան մասին յայտարարած է Փրակայի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ:

Ալիեւ նշած է նման հարթակի ստեղծման կարեւորութիւնը: Անոր համաձայն, այդ հարթակին վրայ կրնան քննարկուիլ նաեւ ուժանիւթի, հաղորդակցութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

Ան նաեւ վստահեցուցած է, որ կ՛աջակցի Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին: