Ակնարկ. Շրջանցելով եւ խախտելով Հայաստանի սահմանադրութիւնը

18 de mayo de 2026

Նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին գործող մեծամասնութեան առաջնորդը վերահաստատեց ներփակ տարածքներու (անքլաւներու) փոխանակման եւ սահմանազատման տարազներուն տակ հայաստանեան տարածքներ Ազրպէյճանին ըստ էութեան փոխանցելու տրամադրութիւնը: Կրծքանշանի վերածուած հանրապետութեան քարտէսը կամ յանկերգուող տարածութեան թուանշանը յայտնաբար արդէն դուրս մղած է Հայաստանապատկան տարածքներ:

Խաղաղութեան, սահմանազատման կամ անքլաւներու փոխանակման կարգախօսներուն տակ տարածքային նոր զիջումի այս յայտարարութիւնը կը շրջանցէ նաեւ ներխուժուած տարածքները: Անոնք եւս սահմանազատման գործընթացին հետ կը կապուին` աւելի փոքրացնելով հանրապետութեան տարածքը:

Այս յայտարարութիւնները ըստ էութեան հակասահմանադրական են: Մէջբերենք Սահմանադրութեան 2 յօդուած:

Յօդուած 6. Օրինականութեան սկզբունքը

1.- Պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններն ու պաշտօնատար անձինք իրաւասու են կատարելու միայն այնպիսի գործողութիւններ, որոնց համար լիազօրուած են Սահմանադրութեամբ կամ օրէնքներով:

Յօդուած 205. Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան եւ տարածքի փոփոխութեան հարցերով հանրաքուէները:

1.- Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի փոփոխութեանը վերաբերող հարցերը լուծւում են հանրաքուէների միջոցով:

Այս բոլորին իբրեւ նախապատրաստութիւն, հիմա յիշենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին նախաստորագրուած համաձայնագիրի առաջին կէտը:

Յօդուած 1

Հաստատելով, որ նախկին ԽՍՀՄ Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնների միջեւ սահմանները դարձել են համապատասխան անկախ պետութիւնների միջազգային սահմանները եւ որպէս այդպիսին ճանաչուած են միջազգային հանրութեան կողմից` կողմերը ճանաչում են եւ կը յարգեն միմեանց ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, միջազգային սահմանների անձեռնմխելիութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը:

Այս յօդուածի հիման վրայ ալ իշխանութիւնները պիտի ձեռնարկեն սահմանազատման անունին տակ նոր տարածքներու զիջումին: Արծուաշէնը վերադարձնելու պատրուակը  ներփակ տարածքներու փոխանակման գործողութիւններու «հիմնաւորում» է: Խորհրդային քարտէսները, միեւնոյն միութեան տարբեր հանրապետութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցած սահմանները այնքան տարաբնոյթ են եւ այնքան վիճելի, որ նախաստորագրուած տարբերակին յօդուած 1.-ը միեւնոյն անորոշութեամբ կը ճշդէ սահմանները: Աւելի ճիշդը` չի ճշդեր:

Արդէն իսկ շրջանցելով Սահմանադրութեան 205-րդ յօդուածը վարչապետը, խախտած կ՛ըլլայ նաեւ 6-րդ յօդուածը: Եթէ յունիս 7-ին չփոխուի իրավիճակը, Երեւանը կ՛առաջնորդուի նոր զիջումներու, բոլորովին անորոշ ձգած ըլլալով ներխուժուած տարածքներու վերադարձի ճակատագիրը:

«Ազդակ»

Compartir: