Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն շնորհաւորական ուղերձ ուղարկած է Անկախութեան տօնի առթիվ․
«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն կը բերենք մեր ժողովրդին ի հայրենիս եւ ի սփիւռս եւ շնորհաւորում Անկախութեան տօնի առիթով։
Այսօր կը տոնախմբենք հայոց անկախ պետականութեան վերահաստատման 35-րդ տարեդարձը։ Այս տարիներու ընթացքին մեր հայրենիքն անցած է բազում փորձութիւններու միջով, սակայն մեր ժողովուրդը երբեք չի ընկճվել, չի հուսահատվել, մեծ զոհողութիւններու գնով անգամ շարունակած է հայրենաշինութեան սրբազան առաքելութիւնը եւ իր ներուժով ծառայած է ազգային զարթոնքին։
Անկախութեան տօնն այսօր հրաւէր է մեզ վերարժեւորելու անցած ուղին եւ մեր կեանքի ընթացքը։ Ներկայիս բարդ պայմաններում, առավել քան երբևէ, անհրաժեշտ է լինել միասնական եւ մնալ համախմբուած հայրենիքի շուրջ, որպէսզի կարողանանք դիմագրավել ներքին ու արտաքին սպառնալիքները։
Անկախութեան տօնական օրուայ խորհրդով զորացած՝ անմնացորդ նուիրումով շենացնենք ու պայծառացնենք մեր երկիրը եւ ամենայն նախանձախնդրութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պաշտպանենք մեր ժողովրդի ազատ ու անվտանգ կեանքի իրավունքը այս սրբազան հողի վրայ։ Ամուր պահենք Քրիստոսավանդ յոյսը, հաւատքն ու սերը, հաւատարիմ մնանք ազգային-հոգեւոր մեր արժեքներին եւ միասնաբար կերտենք արդար, օրինահարգ, համերաշխ հասարակութիւն՝ հանուն մեր ապահով ու լուսաւոր ապագայի։
Աղոթք ենք բարձրացնում առ Աստուած, որ խաղաղութեան մէջ պահէ հայրենի մեր երկիրը, Իր Սուրբ Հոգու իմաստութեամբ առաջնորդէ մեր ժողովրդին եւ պարգեւի բարօր ու առաջընթաց կեանք. Ամէն»։