Էրտողան. «Հայաստանի Հետ Սահմանը Պիտի Բացուի Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութենէն Անմիջապէս Ետք»

10 de octubre de 2022

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Փրակայի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, թէ ո՛ր պարագային պիտի կարգաւորուին հայ-թրքական յարաբերութիւնները, եւ սահմանը պիտի բացուի: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթը:

«Մենք միայն կ՛ըսենք` Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան առնչուող համաձայնագիրը ստորագրեցէ՛ք, ճիշդ այդ պահէն մեզի առնչուած որեւէ խոչընդոտ պիտի չըլլայ, սահմանները պիտի բացուին», ըսած է Էրտողան: