Լիբանանը, Արցախը եւ Միջին Արեւելքը` քննարկումի նիւթեր Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Փարոլինի միջեւ

20 de mayo de 2026

Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան առաջին օրը` երկուշաբթի, 18 մայիս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, իր պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, հանդիպում ունեցաւ կարտինալ Փարոլինի հետ: Վերջինս վարչապետն է Վատիկանի եւ կը նկատուի երկրորդ կարեւոր անձը` պապէն ետք: Կարտինալը պատասխանատուն է Վատիկանի վարչական, քաղաքական եւ արտաքին յարաբերութեանց առնչուած հարցերուն:

Վեհափառ հայրապետը նախ եւ առաջ անդրադարձաւ Լիբանանի կացութեան եւ գնահատեց Լիբանանի նախագահին ու վարչապետին գլխաւորութեամբ կառավարութեան հետեւողական աշխատանքը: Ապա, անդրադառնալով հարաւային Լիբանանին` ան ըսաւ, որ Իսրայէլ պէտք է իր զինուորական ուժերը քաշէ հարաւային Լիբանանէն, երկրին բանակը ստանձնէ ընդհանուր ապահովութիւնը եւ Լիբանանի պետութիւնը վերահաստատէ իր գերիշխանութիւնը բոլոր շրջաններուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց Լիբանանի բոլոր համայնքներուն միջեւ ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը եւ ջերմօրէն ողջունեց Լիբանանի գծով Վատիկանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը:

Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` շեշտելով քրիստոնեաներու արտագաղթը կասեցնելու հրամայականը եւ այս գծով շրջանի եկեղեցիներուն դերը:

Արամ Ա. կաթողիկոս բարձր գնահատեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերահաստատման գծով Վատիկանի ցուցաբերած շարունակական նեցուկը: Խօսելով Արցախի մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ Արցախի ժողովուրդին վերադարձը եւ անոր իրաւունքներուն վերահաստատումը, եկեղեցիներու ու պատմական կոթողներու պաշտպանութիւնը եւ Պաքուի մէջ կալանաւորուած Արցախի ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակումը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին համար հրամայական են: Այս ուղղութեամբ վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց Վատիկանի աջակցութեան:

Կարտինալ Փարոլին, իր կարգին, խօսելով Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Իսրայէլի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Վատիկանի տարած աշխատանքներուն մասին: Ընդհանրապէս Արցախի եւ յատկապէս բանտարկեալներու ազատ արձակման գծով Վատիկանի կողմէ կատարուող նախաձեռնութիւններուն մասին եւս որոշ լուսաբանութիւններ փոխանցեց: Կարտինալ Փարոլին ողջունեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ կատարուած առաջարկը` Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու` Վատիկանի մէջ յատուկ խորհրդակցական հանդիպումներ կազմակերպելու:

Հանդիպման աւարտին վեհափառ հայրապետը կարտինալ Փարոլինին նուիրեց Աստուածամայրը ներկայացնող յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական եկեղեցիներուն պատկերները բովանդակող երկու հատորներէ բաղկացած հրատարակութիւն մը: Իսկ կարտինալ Փարոլին վեհափառին յուշանուէր մը յանձնեց:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետը առիթ ունեցաւ առանձին զրոյց ունենալու կարտինալին հետ` կարգ մը զգայուն բնոյթ ունեցող խնդիրներու շուրջ:

 

 

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ներկայ աշխարհին մէջ միջեկեղեցական շարժումը պէտք է ունենայ նոր օրակարգ եւ տեսլական»

Միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքը Վատիկանի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկն է, որ ո՛չ միայն յարաբերութիւն կը մշակէ աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն ու միջեկեղեցական խորհուրդներուն հետ, այլ նաեւ կը նախաձեռնէ աստուածաբանական երկխօսութիւններու: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը տասնամեակներէ ի վեր մնայուն կապի մէջ է յիշեալ բաժանմունքի պատասխանատուներուն հետ եւ մօտէն ծանօթ է անոնց կողմէ կատարուած աշխատանքներուն:

Վեհափառ հայրապետին եւ Վատիկանի միջեկեղեցական բաժանմունքի պատասխանատու կարտինալ Քիւրթ Քոխին հետ հանդիպումը տեւեց աւելի քան ժամ մը: Նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետն ու կարտինալը ունեցան առանձին հանդիպում, որու ընթացքին վերջինս ուզեց իմանալ վեհափառ հայրապետին տեսակէտը կարգ մը զգայուն հարցերու շուրջ: Ապա, աւելի քան ժամ մը տեւողութեամբ կայացաւ հաւաք մը, որուն ներկայ էին վեհափառ հայրապետին պատուիրակութեան անդամները եւ Վատիկանի միջեկեղեցական բաժանմունքի անձնակազմը:

Կարտինալ Քոխ խօսք առնելով` ողջունեց վեհափառ հայրապետին ժամանումը Վատիկան` յիշելով վեհափառին ունեցած բազմաթիւ հանդիպումները նախկին պապերուն եւ միջեկեղեցական պատասխանատուներուն հետ: Ան վեր առաւ վեհափառ հայրապետին կարեւոր դերակատարութիւնն ու հարուստ փորձառութիւնը միջեկեղեցական մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ սերտ գործակցութիւնը Վատիկանի հետ:

Արամ Ա. կաթողիկոսը խօսք առնելով ըսաւ, որ Հայ եկեղեցին ընդհանրապէս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մասնաւորաբար յատուկ կարեւորութիւն տուած են միջեկեղեցական շարժումին, հին դարերէն սկսեալ: Այսօր, մեր Սուրբ աթոռը գործօն ներկայութիւն է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, շրջանային խորհուրդներուն եւ այլ էքիւմենիք կառոյցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մասնակից է աստուածաբանական երկխօսութիւններու: Այս յիշեցումէն ետք, վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով միջեկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութեան` նշեց, որ ընդհանրապէս էքիւմենիք շարժումը տագնապի մէջ է: Աշխարհի դիմագրաւած տագնապները զանազան ձեւերով նաեւ ազդած են միջեկեղեցական շարժումին վրայ: Եկեղեցիները առաջնահերթութիւն սկսած են տալ դաւանակից եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան:

Այս ընդհանուր ակնարկէն ետք, վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ձեւաւորել միջեկեղեցական նոր մտածողութիւն, մօտեցում ու շեշտաւորում, որոնք ըլլան համապատասխան ներկայ աշխարհի պայմաններուն եւ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ակնկալութիւններուն: Այսօր, անցեալէն ժառանգուած դաւանաբանական ու աստուածաբանական հարցերը այնքան հրատապ չեն եկեղեցիներուն համար, որքան բարոյագիտական հարցերը, որոնք դարձած են գոյութենական ներկայութիւն եկեղեցիներու կեանքին մէջ: Հետեւաբար, այս հարցերը պէտք է առաջնահերթութիւն ստանան միջեկեղեցական գործակցութեան մէջ, ըսաւ վեհափառ հայրապետը, միաժամանակ անդրադառնալով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեան առնչուած կարգ մը խնդիրներու:

Հանդիպման աւարտին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կարտինալ Քոխին նուիրեց Աստուածամայրը ներկայացնող յուշանուէր մը:

Յայտնենք, որ նոյն երեկոյեան, ի պատիւ վեհափառ հայրապետին, կարտինալ Քոխ սարքեց ճաշկերոյթ մը, որուն վեհափառ հայրապետին պատուիրակութեան անդամներուն կողքին ներկայ էին Վատիկանի միջեկեղեցական բաժանմունքի բարձրաստիճան պատասխանատուները: Ճաշկերոյթի ընթացքին դարձեալ խօսք առնելով` կարտինալը անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան եւ անոր բերած մեծապէս գնահատելի նպաստին` միջեկեղեցական շարժումին առաւել զարգացման ուղղուած:

 

Compartir: