Հրաչ Տասնապետեանի Մահուան 15-Ամեակին Շահան Գանտահարեանի Արտասանած Խօսքը

16 de marzo de 2023

 

 

Հրաչ Տասնապետեան կերպարի ամբողջական բնութագիրը տրամադրուած ժամանակի նեղ սահմաններուն մէջ անհնար է ներկայացնելը: Իր մասին շատ գրուած է ու խօսուած, եւ տակաւին կը գրուի անպայման` ամբողջական տեսքով յառաջիկայ սերունդներուն ներկայացնելու համար Հրաչ Տասնապետեան մարդը, հայը, մտաւորականը, դաշնակցական ղեկավարը:

Խօսքի շրջագիծի ճշդումի ճիգին մէջ սուր կերպով ինքզինք զգալի կը դարձնէ յատկապէս մեր ժամանակներուն իբրեւ հրամայական ընդգծուող նորերու կամ կուսակցական բառապաշարով` քատրերու պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը: Հետեւաբար թող թոյլ տրուի այդ անհրաժեշտութեան վրայ կեդրոնանալ եւ փորձել լուսարձակները բանալ սփիւռքահայ ժամանակակից պատմութեան մէջ ամենալուսաւոր դէմքերէն Հրաչ Տասնապետեանի դերին վրայ` նորերու պատրաստութեան գերակայ առաջադրանքին ընդառաջ:

Քրիստափոր կոմիտէի կողմէ Հրաչ Տասնապետեանի մահուան 15-ամեակի ոգեկոչման այս հանդիսավայրը, կը խորհիմ, որ պատահական ընտրութիւն չէ: Այս սրահին մէջ Հրաչ Տասնապետեան ոչ միայն կազմակերպած է աշակերտական լսարաններ, մշակութային ձեռնարկներ, այլեւ ի՛նքը ներշնչած է հայ մշակութային գլուխ գործոցներու ցուցահանդէսներ, հայկական ճարտարապետական կոթողներու մասին դասախօսութիւններ, քննարկումներ: Ու տակաւին, հանդիսացած է ոգին,  խորհրդային կարգերով ղեկավարուող մեր հայրենիքի մտաւորականութեան սերուցքին այստեղ հիւրընկալման եւ ճեմարանականներու հետ հանդիպումներու, բաց զրոյցներու կայացման:

Մենք` այդ օրերու տակաւին նախակրթարանի գրասեղանները զբաղեցնողներս, երբ միայն դասագիրքերու էջերէն ճանչցած էինք հայրենիքը, երբ միայն հեռաւոր ու խորհրդաւոր գոյութեան մը մասին ընդհանուր պատկերացում ունէինք, շատ հանգիստ ու հեզասահ ուղերձներու հաղորդումով նախ գիտակցած էինք, որ հայոց պատմութեամբ ճանչցուած հայրենիքը միայն հոգեւոր հեռու յղացք չէ, գոյութիւն ունի իբրեւ տարածք, եւ այնտեղէն ժամանած հիւրերը յարգանքի արժանի մարդիկ էին:

Աւելի չափահաս տարիքի մէջ միայն հասկցանք, թէ ի՛նչ կը նշանակէր հայրենի մտաւորականութեան այցելութիւնը այս սրահը, երբ Պաղ պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն, Հրաչ Տասնապետեանի հրաւէրին ընդառաջելով, հայրենի մտաւորականութիւնը, հետեւանքները անտեսելով,  հայրենասիրութեան, հայրենիքին կապուելու ուղերձներ կը հաղորդէր աշակերտութեան:

Արագ անցում պէտք չէ կատարել այս երեւոյթին վրայէն: Գուցէ չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ որոշ ժամանակի համար, իբրեւ դաշնակցական, միջավայր, Լիբանանի մէջ արգիլեալ միակ տարածքն էր, որ Խորհրդային Հայաստանի մշակոյթի ներկայացուցիչները կ՛այցելէին իբրեւ հարազատ միջավայր, իբրեւ տեղ մը, ուր նոյնքան հարազատութեամբ կ՛ընկալուէին, իբրեւ վայր, զոր կը նկատէին կամուրջ` հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ:

Փորձելով աւելի խորանալ այս կարեւոր իրողութեան վերլուծման ճիգին մէջ` «Վասպուրական»-ի երեւոյթը հաւանաբար նաեւ գաղափարական եւ քաղաքական պայքարի սահանազատումն էր` հայրենիքին հետ աղերսը, կապը, հոգատարութիւնն ու նուիրումը որեւէ ձեւով չստուերելու առաջադրանքէն: Քաղաքական ճառերէն, խմբագրականներէն եւ կարգախօսային յայտարարութիւններէն զատ, «Վասպուրական»-ը գուցէ շօշափելի եւ առարկայական փաստն էր այդ կամրջումին, գաղափարական կեցուածքներու վրայ անզիջող ըլլալով` անկաշկանդ խօսակցութեան, երկխօսութեան, հանդիպումներու, կապերը հետեւողական պահելու, եւ ամէնէն կարեւորը` Սփիւռքի հայ նոր սերունդը հայրենիքին եւ հայրենի մարդուն հարազատ դարձնելու:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներէն կարկառուն դէմքեր, վտարանդի դառնալով, հիմնած էին այս կրթօճախը եւ` ղեկավարած զայն: Այս միջավայրը Հայաստանի Հանրապետութեան յատկապէս կրթական եւ մշակութային ոլորտի ոչ միայն հոգեկան, այլ նաեւ ֆիզիքական շարունակութիւնն էր` վարչապետով, կրթութեան նախարարով, բանագնաց պատուիրակով: Հայրենիքի մէջ վարչակարգի փոփոխութենէն ետք այդ ֆիզիքական կապը պէտք էր շարունակուէր անպայման: Այդ շարունակականութիւնը նաեւ «Վասպուրական»-ի երեւոյթն էր: Այդ երեւոյթի ետին կանգնած էր առաջին հերթին Հրաչ Տասնապետեանը:

Իսկ ա՛յս վարքագիծը շարունակեց տիրական մնալ Հրաչ Տասնապետեանի դաւանած հայրենասիրութեան եւ հայրենիքի նկատմամբ Դաշնակցութեան որդեգրած հայեցակարգային մօտեցումներուն վրայ: Գաղափարական այս կարեւոր սահմանազատումը չէր վերաբերեր միայն մէկ փուլի: Կապը, յարաբերութիւնն ու յատուկ հարցերու շուրջ համագործակցութիւնը խորհրդային դեսպանատան հայ կցորդներու հետ`  բաղադրիչներն էին այս վարքագիծին, ուր անշուշտ կը գերադասուէր հայրենիքին օգտակար ըլլալու  նպատակը եւ ճգնաժամի ու օրհասի պահուն հայրենիքէն ակնկալելու օժանդակութիւնը: Ու դեռ,  Հայաստանի վերանկախացման նախօրէին շարունակուած կապը, հայրենիքի անվտանգութիւնը գերադասելու առաջնային նպատակով կատարուած բանակցութիւնները, հայրենիքը արկածախնդրութիւններէ հեռու պահելու կոչերը կը բխէին միեւնոյն հաւատամքէն եւ հայրենակեդրոն արժէքաբանութենէն: Ի՜նչ փոյթ, որ անկախացման նախօրեակին կատարուած այս աշխատանքն ու հրապարակուած կոչերը աժանագին մեկնաբանութիւններով Դաշնակցութեան հակաանկախական պիտակաւորումի սեւ քարոզչութեամբ դիմաւորուեցան: Վարքագիծը ամուր էր, հետեւողական ու տիրական եւ վարչակարգէն աւելի` ուղղակի առնչուած հայրենիքի անվտանգութեան անտեղիտալի սկզբունքին:

Ու տակաւին, նոյն հայեցակարգն էր, որ վերանկախացած հայրենիքի վարչակարգին ի գործ դրած դաշնակցականահալած քաղաքականութեան դիմաց վճռեց պահել ինքնազսպուածութիւնը: Ձերբակալութիւններուն, արտաքսումներուն, բռնագրաւումներուն, կասեցումներուն դէմ նոյն ոճով հակազդելու ծուղակին մէջ չներքաշուիլը, ցուցական աքթերու չդիմելը, նոյնիսկ վարչակարգի ներկայացուցիչին Պէյրութ այցելութեան առիթով մամուլին մէջ երկօրեայ զինադուլ հաստատելու գաղափարին զօրավիգ կանգնիլը կը շեշտէին հաւաքական բացառիկ ինքնատիրապետումի քաղաքական մշակոյթ մը, որ մէկ օրէն միւսը չէր կրնար ձեւաւորուած ըլլալ: Ահա անիկա նոյն վարքագիծն էր, որ «Վասպուրական»-ի երեւոյթով արտացոլացած, հակախորհրդային պայքարն ու հայրենիքի գերադասումը իրարմէ անջատելու դաստիարակչական ուղեգիծով փոխանցուած եւ հակառակ հալածանքին` հայրենիքի անվտանգութիւնը անսասան պահելու համար ամէն տեսակի հարուած ընդունած կուսակցութեան մը  ազգային քաղաքականութեան եւ էութեան վերածուած էր:

1995-ին, այսինքն հայրենիքի մէջ Դաշնակցութեան դէմ ծաւալած պետական պայքարի ամէնէն թէժ օրերուն հայրենի մամուլին տրուած իր հարցազրոյցին մէջ Հրաչ Տասնապետեան կ՛առաջադրէր հետեւեալը. Հայաստանի արդի պայմաններուն մէջ, երբ պատերազմ է, ու մենք ալ` թշնամիներով շրջապատուած, պէտք է ստեղծել ազգային միաւորման կառավարութիւն: Նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ իշխանութիւններունը, մնացած բոլոր իրական ուժերը պիտի հաւաքուին անոր շուրջ: Ա՛յս է մեր առաջադրանքը:

Հոկտեմեր 1995-ին շեշտուած այս յայտարարութենէն ուղիղ 22 տարի ետք, նորացուած սահմանադրութեան կենսագրոծման ուղիները բացատրող իր ելոյթով հանրապետութեան նախագահը կը խօսէր համաձայնական կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութեան մասին, որուն նախաբանային փորձը արդէն կեանքի կոչուած է կառավարութեան փոփոխութեամբ: Նորացուած սահմանադրութիւնը  դէպի միաւորման եւ համաձայնական կառավարութեան տանող վարքագիծի ամրագրող իրաւական համակարգ է. այդ վարքագիծն է, որ Դաշնակցութեան ենթարկուած ամէնէն ծանր հալածանքի օրերուն Հրաչ Տասնապետեանի բանաձեւումով շրջանառութեան մէջ կը դրուէր հայրենի մամուլի ճամբով պետական եւ հասարակական շրջանակներու մէջ: Հակառակ ստացուած հարուածներուն` անվտանգութիւնը չսասանելու եւ պետականութեան շուրջ համախմբուելու սկզբունքը գերադասող վարքագիծը:

Եւ միայն այս վարքագիծը իւրացուցած, այս գաղափարախօսութեան եւ էութեան իրազեկ կազմակերպութիւնն ու անհատն էր, որ ժամանակի տարածքին տարբեր փուլերու եւ տարբեր ճգնաժամերու պիտի յաջողէր տարանջատել արկածախնդրութիւնը ապստամբութենէն, յեղափոխութիւնը` քաղաքացիական անհնազանդութենէն, գունաւոր շարժումները` ազգային ազատագրական պայքարէն, զինեալ պայքարը` ահաբեկչութենէն, կամ` շփման գիծերու եւ պետական սահմաններու վրայ թշնամիի կատարած ոտնձգութիւններու պահուն, ամէն տարակարծութիւն շրջանցելու եւ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը` իշխանափոխութեան օրակարգի անմիջականութենէն:

Ներհայաստանեան վերջին դէպքերուն առիթով յատկապէս նկատելի դարձան Դաշնակցութեան հասցէին յեղափոխութեան դասեր տուող քաղաքական դէմքեր թէ ֆէյսպուքի օգտատէրեր: Յեղափոխութիւնը նորաձեւութեան շուկայի արտադրանքի նման աշխարհի տարածքին մէյ մը կ՛ըլլար գոյնզգոյն, մէյ մը կը կոչուէր ծառերու եւ ծաղիկներու անունով, ուրիշ տեղ մը գարնան եղանակով կը բնորոշուէր, յետոյ կը կերպարանափոխուէր մէյտանի` ոչ միայն մարդկային անթիւ զոհեր խլելով, այլ տեղեր` կազմաքանդելով պետականութիւնը, սահմաններն ու տարածքային ամբողջականութիւնները սասանելով: Այս նորաձեւ յեղափոխութիւնները  կ՛ընթանային մարդկային իրաւունքներու հաստատման, ժողովրդավարացման , զարգացման  կարգախօսերուն տակ:

Այս խաբուսիկ քաղաքականութիւններէն չէին ազդուեր անոնք, որոնք իւրացուցած էին Հրաչ Տասնապետեանի հեղինակած «Յեղափոխութիւն» ուսումնասիրութեան իւրաքանչիւր տողը: Այնտեղ բանաձեւուած տեսութիւններու հայկական առումով իրագործման պատճառականութեան համոզուած, արտաքին թշնամիին դէմ ծառանալու ենթակայական եւ առարկայական պայմաններու փոխներգործօնութեան  ծանօթացած մարդն է միայն, որ կրնայ գիտակցիլ, որ մարդկութեան հրամցուող նորաձեւ յեղափոխութիւնը կապ չունի ընկեր Տասնապետեանի բանաձեւած յեղափոխութեան հետ, յեղափոխութիւն մը, որ արտաքին թշնամիին դէմ ծաւալած ազատագրական պայքար է, որ գերադասած է ու կը շարունակէ գերադասել հայրենիքի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը եւ խաղաղ պայմաններու մէջ մեր հայրենիքի զարգացումը:

Բայց այս իրազեկութիւնը, այս արժէքներուն հաղորդականութիւնը, ազգային գաղափարախօսական հիմունքի վրայ ձեւաւորուած դիմադրողականութիւնը պատահականօրէն չէին կրնար ձեւաւորուած ըլլալ:  Անոնք, որոնք աշակերտեցին Հրաչ Տասնապետեանին, անոնք, որոնք մասնակից ու ներկայ եղան «Վասպուրական»-ի սրահի իրերայաջորդ ձեռնարկներուն, քննարկումներուն, անոնք, որոնք ծանօթացան Տասնապետեանի բանաձեւած Յեղափոխութիւն հասկացողութեան, դաշնակցականին ի՛նչ տեսակ մարդ ըլլալուն, ու տակաւին անոնք, որոնք ընկ. Հրաչի ուսումնասիրած, խմբագրած արխիւային նիւթերուն, թէ յեղափոխական դէմքերու ներկայացման ճամբով բարոյական ուրոյն արժեհամակարգի մը իւրաքանչիւր յատկութեան հետ մտերմացան, կրնային շատ արագ կշռադատել, տարանջատել, վերլուծել եւ արագ եզրակացնել, թէ ո՛րն է ապազգայինը, խաբուսիկը, անցողիկը, կարգախօսներ օգտագործող ժողովրդահաճոյ, բայց աժան յայտարարութիւնը, ու տակաւին, յեղափոխութիւն անուան տակ քաոսացման միտումը: Բայց երբ չըլլան, քատրեր պատրաստելու համար Հրաչ Տասնապետեանի եւ իր ընկերներուն հաստատած միջոցները, եւ երբ առօրերայ կշռոյթով այդ արժէքաբանութիւնը տարբեր ձեւերով չի փոխանցուիր նոր մարդուժին, ապա դիմադրողականութիւնը տեղի կու տայ եւ յեղափոխութեան յղացքը գոյներ կը ստանայ, քաղաքացիական անհնազանդութիւնը ապստամբութիւն կը նկատուի, արկածախնդրութիւնը` ժողովրդային պոռթկում, ժողորդավարացումը` կայունութենէն գերադասուող սկզբունք եւ թշնամիին հետ բնականոն յարաբերութիւնները` ազգային գաղափարախօսութիւնը հարուածող առաջադրանք:

Նորերու պատրաստութիւնը, գաղափարական հէնքի վրայ սերնդափոխութեան ենթահող պատրաստելը հինէն եկած եւ Տասնապետեաններու օրով շարունակուած կուսակցական վարքագիծ էր` ըստ ամենայնի, որովհետեւ միայն կուսակցական արժէքաբանութեան հարազատ մարդն էր, անոր իւրաքանչիւր բաղադրիչին ետին կանգնած բարոյական սկզբունքներուն իրազեկուածը, գործի ճամբով դաստիարակուածը եւ մեծերուն գուրգուրանքին արժանացածը, որ կը յաջողէր պահպանել վարքագիծերուն հետեւողականութիւնը, ժամանակին առընթեր փոխել եղանակները, բայց պահպանել էութիւնն ու գաղափարականը, ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ իսկ:

Եւ այս առումով, Հրաչ Տասնապետեան իր կուսակցական կնքահօր մահուան քսանամեակին առիթով թուղթին յանձնած էր «Յուշեր քաւորէս», գրութիւնը, ուր հրաշալիօրէն կը բանաձեւէր Ռուբէն կուսակցական գործիչը եւ յատկապէս դաշնակցական մարդուժի պատրաստութեան համար Ռուբէնի տածած գուրգուրանքը նորերուն հանդէպ:

Ճակատագիրի բարեբախտ բերումով ես ու ինծի հետ Դաշնացութեան շարքերը մտնող սերունդը ունեցանք Հրաչ Տասնապետեանը` իբրեւ կնքահայր, որ այդ տարուան սերունդը կոչեց իր կնքահօր` Ռուբէնի անունով:

Հիմա, երբ կը կարդանք Ռուբէնի մասին ընկ. Հրաչի գրածը, նոյնը, «Ռուբէն սերունդ»-ի անունով բառացի կը վերադարձնենք իրեն, համոզուած ըլալով, որ բնութագրերը ուղղուած Ռուբէնին յար եւ հարազատ` կը նոյնանան նաեւ իրեն` ընկ. Հրաչին համար:

Դաստիարակող, ի պահանջել հարկին սաստող, բայց միշտ հոգածու նորերուն նկատմամբ, միշտ գուրգուրացող ու մանաւանդ միշտ պատրաստ լսելու զանոնք, որեւէ դժուարութեան պահուն անոնց բարոյական զօրավիգ կանգնելու, անուշ խօսքերով, կամ կեանքի փորձառութենէն բխող  թելադրանքներով, զանոնք գօտեպնդելու, որպէսզի չըլլայ թէ յուսալքուին, ընկրկին եւ տեղի տան կեանքի անխուսափելի դժուարութիւններուն:

Երկար կրնայիր ապրիլ տակաւին ու ապրեցնել մեզ ալ յուշերուդ հարստացումովն ու ամբողջացումովը, երկար ատեն տակաւին կրնայիր ներշնչել մեզ` պահելով մեզ քու շունչիդ եւ բարոյական հեղինակութեանդ տակ, տալով մեզի քու աղուոր ժպիտդ, նոյնքան աղուոր ու այնքան դաստիարակիչ սաստերդ, գօտեպնդող ու հաւատք ամրացնող յորդորներդ ու միշտ, միշտ, մեր նկատմամբ քու տածած անուշ եւ անսահման գուրգուրանքդ.

Մեր քաւորը, մեր թանկագին, անզուգական ընկեր Հրաչը:

«ԱԶԴԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹ