Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի

18 de julio de 2022

Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի  (CCAF) համանախագահ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանին ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու կողմէ  Հայաստան մուտքի արգիլումը:

ՀՀ  ազգադաւ իշխանութիւններու այս հակա սահմանադրական եւ հակա ժողովրդավարական, առանց հրապարակային պարզաբանումի պահուածքը հերթական քայլ մը եւս է հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին դէմ եւ ուղղակի աջակցութիւն  թուրք - ատրպէյճանական քաղաքականութեանը, ինչպէս նաեւ նոր անհանդուրժողականութեան դրսեւորում մը ՀՀ քաղաքացիներուն եւ սփիւռքին հանդէպ:

Այս պարագային նման վերաբերմունքը կատարուած է տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի շահերու պաշտպանութեան, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի համար պայքարած ազգային գործիչի մը դէմ, ով նպաստած եւ դերակատարը եղած է Ֆրանսա – Հայաստան ներկայ սահուն յարաբերութիւններուն:

ՀՀ 1991՛ի վերանկախացումէն ի վեր Փաշինեանի իշխանութիւնները կը համարենք ամենա ապազգայինը՛ անկարող ՀՀ ազգային շահերը պաշտպանելու եւ արտաքին ճնշումներուն հակազդելու, որը երկիրը կը տանի թրքական եւ ատրպէյճանական շահերուն ենթարկուող քաղաքականութեան:

Օգտագործելով ստացած քուէները, ՀՀ գործող իշխանութիւնները միեւնոյն ժամանակ վերածուած է իր քաղաքացիներու ազատութիւնները ոտնահարող բռնապետական իշխանութեան մը, որը ջանք չի խնայեր ընդդիմադիր պատգամաւորներուն լիազօրութիւնները դադրեցնելու, լրատուամիջոցները եւ սոցիալական ցանցերը լռեցնելու եւ  սփիւրքը պարակտելու համար:

Սակայն չէ ըմբռնած տակաւին  132 տարուայ պատմութիւն ունեցող Հ.Յ.Դ Դաշնակցութեան ուժը եւ կամքը, երբ խնդրոյ առարկայ է պայքարիլ յանուն Հայ Դատի, Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի շահերուն պաշտպանութեանը: