Շաքիի մէջ պատահած դէպքը ապահովական մտավախութիւններ կը յառաջացնէ
Սիւնիքի մարզի Շաքի գիւղ ատրպէյճանցի զինուորի մը մուտքը եւ անոր կրակելը քաղաքացիի մը վրայ ապահովական մտավախութիւններ յառաջացուցած է Հայաստանի մէջ։
Ատրպէյճանցի զինուորին կրակոցէն ծանրօրէն վիրաւորած 39 ամեայ Անի Աւետիսեան շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ վիրահատութեան: Քրոջ` Արփիի Աւետիսեանի համաձայն, Անին կրնայ իր ոտքը կորսնցնել։
Հրազէնային վնասուածքի պատճառով, ըստ քրոջ, ազդրի ոսկորը ամբողջութեամբ փշրուած է, անօթը` ոչ գործօն դարձած, ծունկը` պոկուած, սակայն բժիշկները կը փորձեն փրկել 3 երեխաներուն մօր ոտքը:
Շաքիի բնակչուհին տակաւին 3 բարդ վիրահատութեան պիտի ենթարկուի, եթէ ամէն ինչ բարեյաջող ընթանայ, ապա այդ ժամանակ արդէն կը մտածեն ոտքը երկարելու մասին: Երիտասարդ կնոջ ոտքը, ըստ անոր քրոջ, 8 սանթիմեթրով կարճցած է:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը, սակայն, այսօր շտապեց հերքել հարազատներուն այս պնդումները: Խօսնակ Մարիամ Ծատրեան «Ազատութեան» փոխանցեց, թէ Աւետիսեանի վիրահատութիւնը բնական ընթացած է, յետվիրահատական վիճակը կը նկատուի կայուն, կեանքին սպառնալիք չկայ: Խօսնակի պնդմամբ` հարազատներուն փոխանցած տեղեկութիւնը, թէ կայ ոտքը հատելու վտանգ, իրականութեան չի համապատասխաներ:
Ինչ կը վերաբերի իբրեւ պատանդ բռնուած եւ այս բոլորին ականատես եղած մանուկներուն, Արփի Աւետիսեանի փոխանցմամբ, Անիի 2 տղաքը կը գտնուին Սիսիան՝ հօր մօտ, 12 ամեայ աղջիկը ծանր հոգեբանական վիճակի մէջ է․ ան մօրաքրոջ մօտ կը մնայ:
Պաշտպանութեան նախկին նախարար, ընդդիմադիր պատգամաւոր Սէյրան Օհանեան պատահածը մտահոգիչ նկատեց, որովհետեւ շատ հաւանական է, որ ատրպէյճանցի զինուորը հետախուզական գործողութիւններ կատարած է՝ տեղեկութիւններ հաւաքելով Հայաստանի թէ՛ սահմանագիծին եւ թէ՛ խորքը գտնուող բնակավայրերու պաշտպանութեան մասին:
Իսկ թէ ինչպէ՞ս ան կրցած է հասնիլ Շաքի՝ Օհանեան նշեց. «Դա միայն այն դէպքում կարող էր լինել, որ ոչ միայն առաջնագծում, այլեւ խորքում անվտանգութիւնը ապահովուած չէ»:
Պաշտպանութեան նախկին նախարարը դիտել տուաւ, որ երբ կար Արցախը, կար համատարած պաշտպանական համակարգ, այսինքն դիրքերու միջեւ չհսկուող տարածքները շատ քիչ էին: Հիմա արդէն, երբ Արցախը Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ է, ըստ Օհանեանի, համատարած պաշտպանութեան փոխարինելու եկած է օճախային պաշտպանութիւնը եւ դիրքերու միջեւ տարածութիւնը շատ մեծցած է:
«Նախ պաշտպանական համակարգը պէտք է կարգաւորուի: Զինուած ուժերը, համագործակցելով սահմանային ծառայութեան հետ, պէտք է ամբողջութեամբ փակեն բոլոր հնարաւոր ուղիները եւ միայն տեսադիտարկման սարքերն ու միայն խրամատները բաւարար չեն: Պէտք է լուծուեն մարտական հերթապահութեան, բանակի համալրման հետ կապուած հարցերը, քանի որ այսօրինակ դէպքեր տեղի են ունենում նաեւ մարդուժի պակասի պատճառով», շեշտեց Օհանեան։
5 Հոկտեմբերին յայտարարուեցաւ, որ վարչապետին որոշումով, զօր. Դաւիթ Սանամեան դադրեցուած է ԱԱԾ տնօրէնի տեղակալի պաշտօնը վարելէ: Սանամեանի հիմնական պատասխանատուութեան ուղղութիւնը ԱԱԾ Սահմանապահ զօրքերու համակարգումն ու վերահսկողութիւնն էր:
Առայժմ պաշտօնապէս որեւէ մեկնաբանութիւն չկայ, թէ արդեօք այս պաշտօնանկութիւնն ուղիղ կապ ունի՞ ատրպէյճանցի զինուորին Շաքի ներթափանցման հետ: