Ուրուկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հանդիպումը երկրի Նախագահ Լուիս Լագաժէ Փօու-ի հետ

03 de diciembre de 2022

Դեկտեմբեր 1-ին Ուրուկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցան երկրի Նախագահ Լուիս Լագաժէ Փօու-ի հետ, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Առողջապահութեան Փոխ նախարար Խոսէ Լուիս Սաթջեանը:

Հանդիպման ընթացքին Նախագահին փոխանցուեցան Ատրպէյճանի կողմանէ վերջերս Հայաստանի վրայ ներխուժման հետեւանքները, ինչպէս նաեւ 2020 թուականին Հայաստանի ու Արցախի դեմ կատարուած ռազմական ագրեսիայի հետեւանքով ստեղծուած հումանիտար իրավիճակը:

Հանրապետութեան Նախագահը իր հերթին վստահեցուց թէ՛ Ուրուկուային Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ ունեցած պատմական համերաշխութեան դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ, յատկապէս այս դժուարին ժամանակներուն, եւ սատարեց Գործադիրի եւ Խորհրդարանի երկու Պալատներու այս հարցի վերաբերեալ կատարած յայտարարութիւնները: