Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով

20 de marzo de 2023

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի ծննդեան 144-ամեակն էր: Այս առիթով Երեւանի մէջ Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ կանգնեցուած է պատուոյ պահակագունդ:

Միւս կողմէ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները, ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի անդամներն ու քաղաքացիներ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 144-ամեակին առիթով ծաղիկ դրին անոր յուշարձանին: