Պաքուի հայ բանտարկեալներուն խաչի դաջուածքները ջնջուած են

08 de septiembre de 2026

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու պաշտպան, «Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոն» կազմակերպութեան ղեկավար Սիրանուշ Սահակեան, 4 Սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, թէ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն մորթին վրայէն այրելով ջնջուած են խաչի դաջուածքները։

«Այստեղ անհնար է ասել, որ կրօնը նշանակութիւն չունի: Այս պահին Ատրպէյճանում գտնուող բոլոր հայերը քրիստոնեաներ են եւ ապօրինաբար են պահւում, եւ, եթէ հակամարտութիւնը լինէր այլ երկրում, որտեղ այլ կրօն դաւանէին, արդեօ՞ք անյապաղ ազատ արձակելու մարդասիրական իրաւունքի պահանջը կը յարգուէր, ամենայն հաւանականութեամբ կը յարգուէր, աւելի հեշտութեամբ այդ հարցերը իրենց հանգուցալուծումը կը ստանային: Յաջորդը, մենք տեսել ենք թիրախաւորուած գործողութիւններ կրօնական խորհրդանիշների առնչութեամբ: Միջազգային զեկոյցներում արձանագրուած փաստ է, որ խաչի տեսքով դաջուածքների պարագայում դրանք այրուել են, այսինքն մաշկի վրայից խոշտանգման ճանապարհով վերացուել է խաչը: Թէեւ որոշ սահմանափակ գրքեր տրամադրուել են հայ բանտարկեալներին, սակայն արգելուել է Աստուածաշնչի փոխանցումը, կամ եղել են դէպքեր, երբ մենք արձանագրել ենք, որ հարկադրել են Ղուրան ընթերցել: Նման փաստերը արդէն իսկ վկայում են, որ քրիստոնեայ լինելը աւելի խոցելի է, եւ մի գուցէ քրիստոնէական մշակոյթ կրող լինելը նաեւ դժուարեցնում է քաղաքակրթական երկխօսութիւնը Ատրպէյճանի հետ: Այս տարրը, կարծում եմ, գոյութիւն ունի», ըսաւ ան։

Սահակեանին համաձայն՝ ատրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիները բացարձակապես մեկուսացուած են: Սահակեան նաեւ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայերուն կողմէ դժգոհութիւններ կան, որ բժշկական օգնութիւն չի տրամադրուիր։

Նշենք, որ հայ գերիներուն կապը ընտանիքներուն հետ մինչեւ նախորդ Սեպտեմբեր կ՛ապահովուէր Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջոցով: Պաքուն նախորդ տարի իր տարածքներուն մէջ փակեց Կարմիր խաչի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու գրասենեակները։

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու պաշտպանը նաեւ խօսեցաւ Պաքուի մէջ արդէն երեք տարի պահուող Ռուբէն Վարդանեանի մասին, որուն փաստաբանները ստացած են ատրպէյճանական դատարանի վճիռը: Արցախի նախկին պետական նախարարը մեղաւոր նկատուած է տասնեակ ծանր յանցագործութիւններու համար ու դատապարտուած 20 տարուան բանտարկութեան։

«Այս դատավճռի ուսումնասիրութիւնը մեզ ցոյց տուեց, որ տեղի են ունեցել բազմաթիւ, աննախադէպ մարդու իրաւունքների խախտումներ, ողջ դատավարութիւնը եղել է զաւեշտ, դրա արդիւնքը օրինական չէ եւ, ի հարկէ, մենք մեր իրաւական փաստարկները ներկայացրել ենք», ըսաւ ան:

 

Compartir: