Սարդարապատի Յուշահամալիրին Մէջ Շուրջ 50 Նորագիրներ Համալրեցին ՀՅԴ Շարքերը

03 de abril de 2023

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 2 ապրիլին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցած է երդման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր մարզերէն շուրջ 50 նորագիրներ համալրած են ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը:

Հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ ներկաներուն ուղղուած խօսքով հանդէս եկած են ընկերաբան, իրանագէտ Սարգիս Մկրտչեանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը:

Անդրադառնալով վերջին շրջանին ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ սաստկացող բռնաճնշումներուն` Սարգիս Մկրտչեան իր խօսքին մէջ նշած է. «Չի ներուիր Դաշնակցութեան հայրենասիրութիւնը, սակայն կը ներուին օտարներու ծաւալապաշտական նկրտումները: Չի ներուիր Դաշնակցութեան արդարամտութիւնը, բայց կը ներուի Հայաստանի մէջ թէ Հայաստանէն դուրս ուժի իրաւունքի կիրարկումը: Չի ներուիր Դաշնակցութեան ժողովրդավարութիւնը, բայց կը ներուին ժողովրդավարութեան քողին տակ Հայաստանի մէջ, թէ Հայաստանէն դուրս բռնապետութեան հաստատումը»:

Ընդգծելով մեր օրերուն հայրենիքի ճակատագիրի համար պատասխանատուութիւն ստանձնելու կարեւորութիւնը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ Դաշնակցութիւնը կը մերժէ օրուան իշխանութեան առաջարկած «փրկութիւնը յանձնուելու մէջ է» բանաձեւը` ատիկա նկատելով ինքնաոչնչացման ճամբայ:

«Մենք մեր ժողովուրդին կ՛առաջարկենք պայքար յանուն փրկութեան եւ պատրաստ ենք ըլլալու այդ պայքարի ե՛ւ զինուորը, ե՛ւ առաջամարտիկը: Դիմադրութիւն, միասնականութիւն, պայքար. սա է Արցախը հայկական պահելու, Հայաստանը թշնամիի ոտնձգութիւններէն պաշտպանելու միակ ճամբան», եզրափակած է իր խօսքը Սաղաթէլեան:

Միջոցառումն աւարտած է Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ գտնուող Արամ Մանուկեանին նուիրուած յուշաքարին մօտ տեղի ունեցած երդման խորհրդանշական արարողութեամբ: