Ցեղասպանութեան Կանխարգիլումը Ծուռ Հայելիի Մէջ

13 de febrero de 2023

«Cada vez que un turco negց el genocidio de los armenios los armenios volvieron a ser exterminados (Jorge Carriցn, Membrana. Barcelona: Galaxia Gutenberg, 2022, p. 179)
«Ամէն անգամ որ թուրք մը ժխտած է հայերու ցեղասպանութիւնը, հայերը կրկին բնաջնջուած են» (Խորխէ Քարրիոն, «Մաշկ», 2022, էջ 179)

Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան 4-րդ կլոպալ ֆորումի բացման իր ելոյթին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ ինք չի վիրաւորուիր, եթէ իրեն թուրք ըսեն: Բառացի` «… ցեղասպանութեան կանխարգելման ամենակարեւոր գործիքներից մէկը, կարծում եմ, այն է, որ մենք ուղիղ պաշտօնական մակարդակում ասենք, որ ընդունում ենք, ընդգծում ենք, որ մենք պիտի, օրինակ` այդ թւում Հայաստանում, դադարեցնենք մարդկանց, այդ թւում` քաղաքական մրցակիցներին կամ հակառակորդներին վիրաւորելու համար օգտագործել ուրիշ ազգի անուն: Հայաստանի Հանրապետութիւնում կայ այդ բանը, օրինակ` եթէ ուզում են ոեւէ մէկին ամենասուր ձեւով խոցել, շատ պարզ ձեւ կայ դրա համար, ասել` դու թուրք ես: Մի մարդ, որը ձեզ յայտնի հանգամանքների բերումով բաւականին շատ արժանացել է այդ հասցէագրմանը, ես ինձ վիրաւորելու միտում ունեցող մարդկանց ուզում եմ ուղղակի ասել, դրանով իրենք ինձ ամենեւին նախ չեն վիրաւորում, որովհետեւ ես դա վիրաւորանք չեմ ընդունում եւ ընկալում»:

Փաշինեանի այս յայտարարութիւնը ամէնէն աւելի ուշադրութեան արժանացաւ յատկապէս ընկերային ցանցերուն վրայ: Սպասելիօրէն: Փաշինեանի համար քաղաքականութիւնը յաճախ նոյնացած է հանրային յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան (Փի.Ար.) հետ, եւ կասկասծ չկայ, որ այդ մարզին մէջ կասկած չկայ որ հմուտ է: Պիտի չբացառել, որ, ինչպէս յաճախ կ՛ընէ, իր «ես»-ին վկայակոչութեամբ բանաձեւուած այս միտքը նպատակադրած ըլլայ իրեն ընդդիմադիր շրջանակներու կողմէ յուզական հակազդեցութեան յառաջացումը, մինչ ինք Ֆորումին մասնակցած ոչ հայ դիւանագէտներու, ցեղասպանագէտներու թէ ընդհանրապէս մարդկային իրաւանց պաշտպաններու աչքին կ՛երեւի որպէս բարոյականութեան գերագոյն օրինակ: Փաշինեան կրնայ եւ անկեղծ ըլլալ, եւ անձնապէս չվիրաւորուիլ, եթէ իրեն «թուրք» անուանեն, ինչ որ և իր իրաւունքն է: Այդուհանդերձ, ելոյթ ունեցողը խմբագիր, պատգամաւոր թէ գործիչ Փաշինեանը չէ, որ այդ մէկը ընկալուի զուտ ենթակայական ոլորտի մէջ: Վարչապետի հանգամանքով ելոյթ ունեցողը պատգամ կը յղէ իր ժողովուրդին` հետեւելու իր օրինակին. ժողովուրդի մեծամասնութեան ձայներով ընտրուած ղեկավարը կ՛ուզէ, որ իրեն վստահողները իրեն նման չվիրաւորուին, եթէ պատահի, որ իրենց ալ վիրաւորելու նպատակով թուրք ըսուի: Վարչապետը անշուշտ այնքան մը խելացի է, որ այս մէկը պահէ յորդորի մակարդակին եւ փորձ չընէ զայն ամրագրել օրէնքի ուժով, որ ո՛չ կրնայ կիրարկուիլ, ո՛չ ալ զերծ մնալ սահմանադրական հաւանական հակասութիւններէ:

Ամէն պարագայի, Փաշինեանի ամբողջ ելոյթին տրամաբանութիւնը ինքնին շատ աւելի վտանգաւոր է, քան` «թուրք» անուանումէն վիրաւորուելու կամ չվիրաւորուելու հարցը: Վտանգաւոր է, որովհետեւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին ուղղուած իր առաջարկներուն մէջ Հայաստանի վարչապետը «ատելութեան խօսք»-ի տարածման կարողականութիւնը որպէս «գենետիկ մտածողութիւն» կ՛ուզէ հաւասարապէս տեսնել Ցեղասպանութիւնը ժխտող եւ շարունակող դահիճներուն, ինչպէս նաեւ` Ցեղասպանութեան ոճիրին զոհ գացած հայ ժողովուրդին մօտ: Դահիճն ու զոհը նոյնացնող այդ շատ վտանգաւոր պարբերութիւնը Փաշինեանի խօսքին մէջ կը հետեւի «ատելութեան խօսքը բացառելու» համագործակցութեան առաջարկէն անմիջապէս յետոյ. «Եւ այստեղից է, որ պէտք է սկսել ցեղասպանութիւնների կանխարգելումն ու դատապարատումը, որովհետեւ եթէ ոեւէ մէկն Ազրպէյճանում, Թուրքիայում, Հայաստանում ոեւէ մէկին հայ կամ թուրք է անուանում, առաւել եւս` քաղաքական մակարդակում, նոյնիսկ` ոչ քաղաքական մակարդակում, նա դա անում է նրան բարոյապէս, քաղաքականապէս որեւէ ձեւով ոչնչացնելու եւ նուաստացնելու համար: Եւ սա ցեղասպանութեան, ըստ էութեան, գենետիկ մակարդակի մտածողութիւն է»:

Դահիճի եւ զոհի այս ապիկար հաւասարումը որպէս կարողական ցեղասպան կու գայ այն բանէն յետոյ, որ Փաշինեան նոյն այդ ելոյթի սկզբնաւորութեան ահազանգած է Արցախի մէջ, իր խօսքերով` Լեռնային Ղարաբաղ, Ազրպէյճանի կողմէ նոր ցեղասպանութեան մը նախապատրաստութեան մասին երեք տարբեր «սցենարներով» հայաթափում, ինքնութեան կորուստ եւ ֆիզիքական ոչնչացում: Հարցական է, թէ ինչո՛ւ ելոյթին մէկ կարեւոր բաժինով Ազրպէյճանին ցեղասպանական նկրտումները լուսարձակի տակ բերելէ եւ ահազանգելէ ետք, Փաշինեան կանխարգիլման տրամաբանութիւնը շուռ կու տայ եւ ցեղասպանութեան զոհ հայութիւնն ալ կը ներառէ «ցեղասպանութեան գենետիկ մակարդակի մտածողութիւն» ունեցող հաւաքականութիւններու շարքին… Բաղդատութիւնը կրնայ անճիշդ եւ անարդար թուիլ, բայց հարցի ծանրակշռութիւնը կը թելադրէ յիշեցնել, որ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, մինչեւ փաստօրէն 1965, բայց յատկապէս ստալինեան ժամանակաշրջանին, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումը լռեցուած էր` ի հետեւումն պաշտօնական այն թեզին, որ Ցեղասպանութեան մէջ հաւասարապէս յանցաւոր էին թուրք եւ հայ ազգայնականները: «Ատելութեան խօսք»-ի տարածման կարողականութիւնը տեսնել ե՛ւ ցեղասպանութիւն իրականացուցած պետութեան, ե՛ւ զայն շարունակող պետութեան, ե՛ւ ցեղասպանութեան զոհին մօտ այնքան ալ տարբեր չէ Ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը ե՛ւ թուրք, ե՛ւ հայ ազգայնականներու մօտ հաւասարապէս տեսնող ստալինեան թեզէն:

Ցեղասպանագիտութեան մէջ ոչ մէկ տեսութիւն, չկայ որ զոհին վերագրէ ցեղասպանական մտածողութիւն: Ցեղասպանութեան զոհը մի՛շտ տկար, անպաշտպան, լքուած եւ խոցելի հաւաքականութիւնն է: Ցեղասպանական բնազդները իւրայատուկ են ուժեղներուն, անոնց, որոնք արդէն նախաձեռնած են հաւաքական բնաջնջումի պետական որեւէ ծրագրի: Ի մասնաւորի երբ անոնք կը մնան անպատիժ: Աւելի՛ն. ցեղասպանութիւն իրականացուցած եւ անպատիժ մնացողը ցեղասպանական բնազդներով տոգորուած այլ դերակատարի օրինակ կը ծառայէ, ինչպէս նացի Գերմանիան օրինակ առաւ Օսմանեան կայսրութենէն եւ Մուսթաֆա Քեմալին հանդէպ ունեցաւ յատուկ հիացում ու ակնածանք: Ընդհակառակը, ցեղասպանութեան զոհը կը մնայ անտեսուած, անարգուած, եւ անոր հետեւողականօրէն կը յիշեցուի, թէ ինչ ճակատագիր կրնայ սպասել իրեն որեւէ պահու:

Ողջակիզման փորձառութենէն անցած հրեաները եւ Իսրայէլ պետութիւնը, հակառակ ոճիրի դատապարտման եւ հատուցման, զգաստ կը մնան հակասեմական որեւէ արտայայտութեան  եւ Ողջակիզման նսեմացման: Հայերու պարագային, ցեղասպանը կը ժխտէ ոճիրը եւ կը շարունակէ հայութեան բնաջնջման ծրագիրը տարբեր ձեւով: Ցեղասպանին նկատմամբ անհանդուրժողականութիւնը զոհին վերապրումի բնազդական մակարդակն է, ոչ իսկ պահանջատիրութեան մակարդակը: Եւ որպէսզի սխալ չմեկնաբանուի այս ըսուածը, հարց չկայ մէկուն «թուրք» ըսելով վիրաւորելու տրամադրութիւնը ընդունելու, եւ նուազ` այդ ձեւով «ատելութեան խօսք»-ը քաջալերելու: Պարզապէս անոր օրինակի կարգով իսկ գործածումը ցեղասպանութեան կանխարգիլման առաջարկի բանաձեւման նպատակով անտեղի է, անտրամաբանական է, եւ վտանգաւոր որովհետեւ Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան նոր առիթներ կը ստեղծէ:

Արդարեւ, Թուրքիոյ թէ Ազրպէյճանի համար սկզբունքով ոչ մէկ հարց պիտի ըլլայ ընդառաջել Փաշինեանի առաջարկին եւ պաշտօնական մակարդակով «ատելութեան խօսք»-ի տարածման դէմ յայտարարութիւն որդեգրել: Այդ մէկը ոչ մէկ արգելք պիտի հանդիսանայ որ ցեղասպանութեան ժխտումը թէ շարունակումը իրենց ընթացքը պահեն: Ընդհակառակը, կ՛ամրագրուի՛ն, որովհետեւ «ատելութեան խօսք»-ի տարածման դէմ իրենց ենթադրական յանձնառութեան գործադրութեան ամէն վերահսկողութեան բացակայութեան ի լուր աշխարհի հանդէս կու գան որպէս այդ յայտարարութիւնը ստորագրած պետութիւններ, մինչ Հայաստանի կողմէ բողոքներն են որ իրենց հաւաստիութիւնը հարցականի տակ կը դնեն: Ի դէպ, տրամաբանութիւնը շատ աւելի պարզ է. ցեղասպանութիւն գործադրած եւ ոճիրը ժխտող պետութեան համար «ատելութեան խօսք»-ը ընդոծին է իր վարքագծին, որովհետեւ ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը ինքնին եթէ «ատելութեան խօսք» չէ, հապա ի՞նչ է…

Փաշինեանի ելոյթը իր ամբողջութեամբ կարդացածներու ուշադրութենէն պիտի չվրիպի, որ սկզբնաւորութեան ան մէկ առիթով կը նշէ Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ապա, ճիշդ կերպով, ելոյթին կարեւոր բաժինը կը յատկացնէ Ազրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած միջոցառումներուն Արցախի, իր խօսքով` Լեռնային Ղարաբաղի, ժողովուրդին դէմ, եւ առաջարկներու բաժնով կը կեդրոնանայ «ատելութեան խօսք»-ին վրայ, որուն շօշափելի օրինակը կու տայ Հայաստանի մէջ վիրաւորանքի ձեւով «թուրք» անուանակոչումը, եւ կ՛ըսէ` «Ենթադրում եմ, որ նման իրողութիւններ կան նաեւ Թուրքիայում…», Այսինքն վստահ չէ, որ Թուրքիոյ մէջ «ատելութեան խօսք»-ը պետական մակարդակով առկայ է, չի՛ յիշեր, օրինակի համար, որ Էրտողանի նախատական խօսքէն ետք էր, որ Կարսի մօտ հայ-թրքական բարեկամութեան արձան մը հանուեցաւ, կամ Հրանդ Տինքը սպաննուեցաւ, ձերբակալուած մարդասպանին հետ թուրք ոստիկանները հպարտօրէն նկարուեցան, տակաւին երկու տարի եւ ամիսներ առաջ Լիբանանի թէ Լիոնի մէջ հակահայ ատելութեան մոլուցքով ամբոխներ չտողանցեցին…

Դիւանագիտական ի՞նչ հաշուարկումներով, կամ որո՞ւ թելադրանքով, Փաշինեան ինքզինք զսպած է Թուրքիոյ մէջ «ատելութեան խօսք»-ին տալու արժանի գնահատականն ու տեղը,  հաւանաբար երբեք չիմանանք: Հարցը նաեւ Փաշինեանի այս ելոյթէն անդին կ՛երթայ. Հայաստանի դիւանագիտութիւնը ի սկզբանէ չէ յաջողած երբեք գործնական հայեցակարգով մը ճշդել, թէ ինչպէ՛ս պիտի բանաձեւել «Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ»-ու սկզբունքը: Եթէ հարց եղած է «առանց նախապայմաններու» հասկացողութեան գործնականացման, Երեւանը եղած է առաջին փաստը տուողը. «Ֆութպոլային դիւանագիտութեան» Թուրքիա-Հայաստան առաջին մրցումին Հրազդանի մարզադաշտին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի շապիկներու վրայէն Արարատը հանուած էր, «Առաւօտ»-ի դեկտեմբեր 3-ի համարին մէջ կը տեղեկացուի, որ Եւրոտեսիլի համար Երեւանի մեթրոյէն հանուած են Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու պաստառները…

Եւ ամէնէն կարեւորը. կարելի՞ է ցեղասպանին դիմել ցեղասպանութեան կանխարգիլման որեւէ առաջարկով` անտեսելով անոր համեցող ժխտողականութիւնը իր գործած ոճիրին: Ցեղասպանութեան կանխարգիլումը չի՞ սկսիր ոճիրի ճանաչման եւ արդարահատոյցի պահանջով:

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹ