Փութինն Ու Ալիեւը Քննարկած Են Հայ-Ռուս-Ազրպէյճանական Եռակողմ Համաձայնութիւններու Հիման Վրայ Հարաւային Կովկասի Մէջ Անվտանգութեան Եւ Կայունութեան Ապահովումը

20 de marzo de 2023

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի պաշտօնական կայքը:

«Քննարկուած են Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղուած գործնական քայլեր` Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ յայտնի եռակողմ համաձայնութիւններուն համապատասխան: Միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է նաեւ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային, գումակային եւ տնտեսական կապերու զարգացման շուրջ», կը նշուի Քրեմլինի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: